2013-10-11 12:53:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Հռոմի հրեայ հասարակութեան հետ հանդիպում


Ուրբաթ, 11 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան խորհրդարանի նախագահը` տիար Մարթէն Շուլցը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Եւրոխորհուրդի նախագահը` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վերանորոգեց հրաւէրը` այցելելու Սդրազպուրկը եւ իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան Եւրոպայի ընկերային քաղաքականութեան հայող հարցեր` ինչպէս աղքատութեան դէմ պայքար, երիտասարդներու ապագան, գաղթականներու եւ փախստականներու հիւրընկալութիւնը...։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ժամը 11-ին ընդունեց ''Ազատութիւն եւ Հաղորդութիւն'' եղբայրութեան նախագահ` Հայր Ժուլիան Գարրոն որմէ ետք ընդունեց Հռոմի Րաբունապետ Փրոֆ. Րիքքարտօ Սէնյին ու անոր հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի աւարտին, ''Քահանայապետներու''' սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Հրեայ հասարակութեան 30 անդամներէ կազմուած պատուիրակութեան մը, Հռովմէացի հրեաներու տեղահանութեան 70րդ տարեդարձի յիշատակութեան առթիւ։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 12,20-ին ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը` գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր։

Հրեայ պատուիրակութեան հետ հանդիպման սկիզբը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսք ուղղեց Րաբունապետ Աէնյին որմէ ետք Նորին Սրբնութիւնը ներկաները ողջունեց ըսելով` ''Հռոմի Հրեայ համայնքի սիրելի բարեկամներ Շալոմ'' ու ապա ուրախութիւնը յայտնեց զիրենք ընդունելու Վատիկանի մէջ, ընդգծելով թէ որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս մօտէն կը հետեւի Հռոմի հրեայ հասարակութեան կեանքին եւ թէ Հռոմի Եկեղեցին ու հրեայ հասարակութիւնը, որ 2 հազարամեայ ներակայութիւն ունի Հռոմի մէջ, միատեղ կ՛ապրին եւ թէ, հակառակ անցեալի անհասկացողութիւններուն եւ անարդարութիւններուն, վերջին տարիներու ընթացքին բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններ մշակած են։

Սրբազան Հայրը վերյիշեց Հրեաներու տեղահանութեան տխուր էջերը, վստահեցնելով` զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար աղօթք։ ''Այս տխուր տարեդարձը թող շարժառիթ մը հանդիսանայ որ միշտ արթուն մնանք ու հսկենք որ այսպիսի արարքներ նորէն չի կրկնուին ոչ Հռոմի մէջ եւ ոչ այլուր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ակնարկելով ապա այդ օրերու քրիստոնեաներուն որոնք քաջութիւնը ունեցան իրենց տուներու դռները բանալու եւ պաշտպանելու իրենց եղբայր հրեաներու կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ մաղթանք յայտնեց որ Հռոմի մէջ եւս, ինչպէս Պուէնոս Այրէսի մէջ, կարենայ սատարել հրեաներու հետ բարեկամութեան եւ մօտիկութեան զարգացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.